2012-03-11 11:36:48

Միջազգային Աստուածաբանութեան Յանձնախումբը Կը Հրապարակէ Վաւերաթուղթ Մը` Կաթողիկէ Աստուածաբանութեան Սկզբունքներն Ու Չափանիշերը Նիւթին Մասին։


Միջազգային աստուածաբանութեան յանձնախումբը հրապարակած է թղթածրար մը սահմանելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ սկզբունքներն ու չափանիշերը։ Վաւերաթուղթը, որ լոյս տեսաւ 8 մարտ 2012-ին, կը մատնանշէ մասնաւորապէս Աստուծոյ խօսքին գլխաւորութիւնը աստուածաբանութեան ուսման մէջ, գործադրուած Եկեղեցւոյ հաղորդութեամբ։ Վաւերաթուղթին գլխաւոր կէտերէն մէկն է ''ճանաչումը Աստուծոյ խօսքին''։ կաթողիկէ աստուածաբանները հրաւիրուած են որ իրենք զիրենք չնկատեն որպէս ազատ փնտռտողներ, այլ հլու հպատակները Աստուծոյ խօսքին, որպէսզի չմխրճուին հերետիկոսութեան մէջ, որ կը խեղաթիւրէ ոչ միայն Աւետարանը այլ եւ կը վատթարացնէ հաղորդութիւնը եկեղեցւոյ հետ։ Կաթողիկէ եկեղեցին կը խնդրէ աստուածաբաններէն որ հաւատարիմ մնան առաքելական աւանդութեան ու յարին եկեղեցւոյ վարդապետութեան, միաժամանակ անոնք կանչուած են ճանչնալու եպիսկոպոսներու վարդապետական ձեռնհասութիւնը եւ մասնաւորապէս Հռոմի եպիսկոպոսի՝ այսինքն Քահանայապետին ձեռնհասութիւնը։ Միաժամանակ կաթողիկէ աստուածաբանը կանչուած է երկխօսութեան մէջ մտնելու աշխարհին հետ, առանց անտեսելու ժամանակներու նշանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.